Խաչիկը, Նոր Ազնաբերդը և Խնձորուտը Վայոց Ձորի սահմանամերձ գիւղերէն են, որոնց բնակիչներուն համար՝ այս վայրերուն մէջ ապրիլը մարտահրաւէր մըն է, իսկ մարտահրաւէրներուն դիմակայելու համար չափազանց կարևոր է ոչ միայն պետական, այլ նաև Սփիւռքի մէջ ապրող հայրենակիցներու ուշադրութիւնը։

Արդէն չորս տարիէ իվեր Գանատահայոց Թեմը «Սուրբ Ծնունդի նուէր» ծրագիրը կը կիրառէ, որ կը տրամադրուի Վայոց Ձորի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ ապրող երեխաներուն։

Ծրագիրը կ՚իրականացուի Թեմի հուվանու ներքոյ գործող «Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամ»-ի ջանքերով։ Ամէն տարի «Հայաստանի Երեխաներու հիմնադրամ»-ը, Գանատայի մէջ դրամահաւաք կը կազմակերպէ եւ Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի օրհնութեամբ գումարը կը փոխանցուի ընտանիքներուն։

26 Դեկտեմբեր 2018-ին, Վայոց Ձորի Թեմի Առաջնորդարանէն, Թեմի վարչակազմի կարգաւորումով, շուրջ 300 երեխաներ ստացան իրենց նուէրները: