15 Յուլիս 2018-ին, Մոնթրէալի, Լավալի եւ Օթթաուայի Հայց. Առաքելական եկեղեցիներու հաւատաւորները, Քէպէք նահանգի Ռիկօյի Լուրտի Աստուածամօր Սրբավայրի մէջ, Գանատահայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանու ներքոյ հաւաքուեցան տօնելու Տեառն Մերոյ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։

Ուխտագնացութիւնը կազմակերպած էին՝ Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Լավալի Սուրբ Խաչ եւ Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցիները։

Այս առիթով, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, Սէնթ Գաթրինզի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Համիլթընի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիներու վերջերս Հոգեւոր Հովիւ նշանակուած Արժ. Տ. Հրանդ քհնյ. Մանուկեանը։

Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ քհնյ. Մարգարեանը, Լավալի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Կոմիտաս քհնյ. Միրզախանեանը, ինչպէս նաեւ երեք ծուխերու սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը մասնակցեցան Սուրբ Պատարագին։

Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանն իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Թաբոր լերան վրայ Տեառն Մերոյ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան իմաստին ու կարեւորութեանը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, երեք եկեղեցիներու Ծխական Խորհուրդներն ուխտաւորներուն համեղ ճաշ մատակարարեցին, որմէ ետք աւանդական Վարդավառի ջրախաղ տեղի ունեցաւ։ Փոքր ու մեծ ճոխ հայկական երաժշտութեան տաղերով վայեցին իրարու վրայ ջուր թափելու ուրախութիւնը։