20 Փետրուար, 2018-ին, Թորոնթոյի, «Fairmont Royal York’s» համերգասրահին մէջ, Գանատայի գլխաւոր նահանգապետ, Նորին Գերազանցութիւն Ժուլի Բայէթի կողմէն՝ Բարձր Գնահատանքի Արժանի Ծառայութիւններու (քաղաքացիական բաժին) մետալի պարգեւատրման արժանացաւ Մեծայարգ Տիկին Մարկրիթ Գազարեանը։

Մեծայարգ Տիկին Մարկրիթ Գազարեան
Մոնթրէալ, Քէպէք
Բարձր Գնահատանքի Արժանի Ծառայութիւններու Մետալ (քաղաքացիական բաժին)

Մարկրիթ Գազարեանն անխոնջ ատենապետուհին է Հայաստանի երեխաներու հիմնադրամին, բարեգործութիւն մը, որ կ՚աջակցի շուրջ երեք տասնամեակներ առաջ երկրաշարժէն տուժած շրջաններու ու այժմ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու ենթարկուած անապահով շրջաններու երեխաներուն եւ ընտանիքներուն։

Ընդլայնելով տեղի գործունէութիւնը, ան աշխատած է հնարաւորութիւն ստեղծել, որ Հայաստանի երեխաներու հիմնադրամը կարողանայ հայթայթել՝ ընտանիքներուն ձմեռային կարիքները, պատանիներու համար խորհրդատուութիւն ու կրթութիւն եւ ծանր հիւանդութիւն ունեցող Հայ երեխաներու Գանատայի մէջ բժշկական օգնութիւն ստանալը։

Credit: MCpl Vincent Carbonneau, Rideau Hall, OSGG