13 Հոկտեմբեր, 2017-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, ուղեկցութեամբ Լավալի Սուրբ Խաչ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանի, մասնակցեցաւ Մոնթրէալի Կաթողիկէ Թեմի՝ Թագուհի Տիեզերաց Մարիամ Աստուածամօր Անուան Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ Օծման Պատարագին։

Պատմական այս տօնակատարութիւնը նուիրուած էր Մոնթրէալի հիմնադրման 375-ամեակին, ինչպէս եւ Ֆաթիմայի մէջ երեք մանուկներուն Աստուածամօր վերջին յայտնութեան 100-ամեակին։ Արարողութիւնը նախագահեց Մոնթրէալի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Քրիստիան արքեպիսկոպոս Լէբինը։

Կաթողիկէ Թեմի այս Սուրբ Պատարագին մասնակցեցան հազարաւոր հաւատացեալներ, որոնց շարքին էր նաեւ Մոնթրէալի քաղաքապետ յարգարժան Տիար Տէնի Քոտերը։

Այս ուրախ առիթով՝ Գանատահայոց Թեմի հոգեւորական դասն ու հաւատացեալները, ջերմօրէն կը շնորհաւորեն մեր Կաթողիկէ քոյրերուն ու եղբայրներուն ի Քրիստոս։