25 – 27 Օգոստոս 2017-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, իր հովուական այցելութիւնը կատարեց Ելլօնայֆի, Հիւսիս-Արեւմտեան տարածքաշրջան, Հայ համայնքին:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցը Գանատայի Հիւսիսային տարածքի Հայ հաւատացեալներուն պարգեւեց բացառիկ ուրախութիւն եւ երջանկութիւն, ինչպէս նաեւ՝ հոգեւոր սնուցում:

Այցի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց՝ Ս.Պատարագ եւ կատարեց Խաղողօրհնէք շրջանի Հայ հաւատացեալներուն, որոնք հաւաքուած էին նշելու Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը, ըստ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աւանդութեան: