Մահկանացուաց տուք զաւետիս,
Թէ՝ մահ մեռաւ, կեանքն յարեաւ:
Ընդ անմահիցս անմահացեալքդ՝
Համաձայնեալ տուք աւրհնութիւն
Յարուցելոյն՝ փառք յաւիտեան:
Սբ. Ներսէս Շնորհալի

Քրիստոս մեռելներէն Յարութիւն առաւ, մահուամբ մահը կործանեց ու Իր Յարութեամբ մեզ կեանք պարգեւեց. Փառք Անոր Յաւիտեան։

Սիրելի Եղբայրներ և Քոյրեր ի Քրիստոս, որ Գանատահայոց Տիրախնամ Թեմիս հովանու ներքոյ էք։ Սուրբ Յարութեան այս լուսաւոր տօնին, բոլոր քրիստոնեաներուս հոգիները, սրտերն ու մտածումներն առ Աստուած երախտագիտութեամբ լցուած են, որ Մեծ Պահոց անապատով մեզ առաջնորդելով Լոյս Յարութեան ցանկալի նաւահանգիստն անվնաս հասցուց, որտեղ Սէրը երբեք չի անհետանայ (Ա Կորնթ. ԺԳ 8)։

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս «մահուան մատնուեցաւ մեր յանցանքներուն համար եւ Յարութիւն առաւ, որ մեզի արդարացնէ» (Հռոմ. Դ 23)՝ նոր կեանքով քալելու համար (Հռոմ. Զ 4)։

Արարիչ Աստուած Իր անսահման Սիրուց մեզ անգոյութիւնէն կեանքի կոչեց՝ դրախտն Իր ընկերակցութեամբ վայելելու, սակայն նախաստեղծներու պատուիրանազանցութեամբ զրկուեցանք Մարդասէրի շնորհներէն, որովհետեւ չարէն խաբուելով եղծեցին Արարչատուր Պատկերն ու Նմանութիւնը մարդկային բնութեան մէջ ու մնացին ձեռնունայն։ Մարդն անհաւատարիմ գտնուեցաւ, այնուհանդերձ հաւատարիմ է Աստուած (Հռոմ. Գ 3, Բ Օր. Է 9, ԼԲ 4, Ա Կորնթ. Ա 9). Բարին Աստուած Իրեն յուսացողներուն երբեք ամօթով չի թողեց (Հռոմ. Ե 5) ու մեզ Իր Սէրէն չի զրկեց, այլ «մինչեւ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի, ով որ Անոր հաւատայ չի կորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանքը, որովհետեւ Աստուած իր Որդին չ՚ուղարկեց աշխարհ, որ դատապարտէ աշխարհը, այլ՝ որպէսզի աշխարհն անով փրկուի» (Յովհ. Գ 16-‐17)։

Տէր Յիսուս Քրիստոս Իր Հրաշափառ Յարութեամբ բացապարզեց Իր Աստուածութիւնը (Հռոմ. Ա 4), ցուցահանեց Իր Զօրութիւնը եւ հաստատեց, որ Աստծոյ համար անկարելի բան չիկայ (Ղուկ. Ա 37)։

Սիրելիներ, Տիրոջ Լոյս Յարութեան Խորհուրդն այն անկիւնաքարն է, որ մեր հաւատքի հիմք կը հանդիսանայ, այլապէս «եթէ Քրիստոս Յարութիւն չէ առած, ի զուր է մեր քարոզութիւնը, ի զուր է եւ ձեր հաւատքը» (Ա Կորնթ. ԺԵ 14)։

Ուստի, ի՞նչ հատուցում պիտի ընենք Տիրոջն այն ամէնի համար, որ մեզ տուաւ (Սաղմ. ՃԺԵ 3)։ «Խոնարհ հոգին է պատարագն Աստուծոյ, մաքուր սիրտն ու խոնարհ հոգին Աստուած չ՚արհամարէր» (Սաղմ. Ծ 19)։

Մահանալու աստիճան մեզ սիրող Աստուծոյ հանդէպ, «քանզի հզօր է սէրը մահուան պէս» (Երգ. Ը 6), մեզ օտարի պէս չի պահենք, այլ պտղաբեր ըլլանք Իր համար (Հռոմ. Է4)՝ երկրպագելով Անոր հոգով եւ ճշմարտութեամբ (Յովհ. Դ 23)։

Թող կեանքի միակ Աղբիւրը մեզ հաստատ պահէ Հաւատքի, Յոյսի, Սիրոյ ու Իր Պատուիրանները կատարման մէջ։

Մեր աղօթքն է որ Բարին Աստուած Գանատահայոց Եկեղեցական Դասին, Թեմական ու Ծխական Խորհուրդներուն, պատուարժան անդամներուն, Տիկնաց Յանձնախումբերուն ու Դպրաց Դասերուն, Աստուածասէր ու ազգանուէր բարերարներուն, ազգային, բարեգործական, կրթական ու մշակութային միութիւններու, հաստատութիւններու անդամներուն կենաց արևշատութիւն պարգևէ և զօրավիգ ըլլայ` ազգաշահ առաքելութիւնն իրագործելու գործունէութեանը:

Տիրոջ օրհնութեամբ մեծահրաշ Յարութեան Լոյսի ջահը լուսաւորէ Ձեզ եւ Ձեր ընտանեկան յարկերը։

Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց.

Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի:

Սիրով եւ Օրհնութեամբ՝

Աբգար Եպս. Յովակիմեան

Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի