10 Յունուար 2017-ին, ՍԴՀԿ Թորոնթոյի նորընտիր Վարիչ Մարմինէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Ընկ. Համօ Թաթուլեանի, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ Գանատահայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի հետ, ներկայութեամբ փոխառաջնորդ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ Քհնյ. Զարգարեանի եւ ծխական խորհուրդի ատենապետ Տիար Օհան Օհանէսեանի։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան գաղութը յուզող, եւ մասնաւորաբար վերջերս Գանատա ժամանած սուրիահայ հայրենակիցներուն լաւագոյնս օգտակար հանդիսանալու հարցեր։
Դրական ու շինիչ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպման ընթացքին՝ կողմերը կարեւոր նկատեցին ապագային սերտ եւ աշխուժ համագործակցութիւն ստեղծելը։