17 Դեկտեմբեր 2016-ին, Մոնթրէալի Հայ համայնքի ներկայացուցիչներն՝ ընդառաջելով Գանատահայոց ԹեմիԱռաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցան Առաջնորդարանի յարկին տակՄեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնին առիթով տեղի ունեցած ընդունելութեան։
Երեկոն սկսաւ Սրբազան Հօր աղօթքով, ապա ան իր բարի գալուստի եւ շնորհակալական խօսքերն ուղղեցձեռնարկին ներկայ գտնուող հիւրերուն։
Իր ելոյթին մէջ՝ Սրբազան Հայրը բնութագրեց անցած տարուայ գործունէութիւնն ու գնահատանքը յայտնեց բոլորինքնայօժար աշխատողներուն, աջակիցներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք իրենց ջանասիրութեամբ նպաստեցինու մեծ ազդեցութիւն ունեցան Հայ եկեղեցւոյ եւ Գանատահայ համայնքին բարգաւաճման եւ յաջողութեան։
Ընդունելութեան ընթացքին՝ Գանատահայութեան անունով իր սրտի խօսքերն արտասանեց Տոքթ. Արշաւիր Կէօնճեանը, որ բարձր գնահատեցԹեմի զանազան նախաձեռնութիւնները՝ կրօնական, միջկրօնական, մարդասիրական, կրթական եւ այլոլորտներուն մէջ։
Նոյնպէս, Մոնթրէալի քաղաքապետ՝ Պրն. Տենիս Գօտերի անունով ելոյթ ունեցան՝ Մոնթրէալ քաղաքի գործադիրմարմնի փոխ-նախագահ, քաղաքի խորհրդական, Պրն. Յարութ Շիթիլեանը, եւ Մոնթրէալ քաղաքի խորհրդականՏիկին Մարիամ Տիրոսը, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Սրբազան Հօր՝ Թեմի ձեռնարկած գործունէութեանհամար, նամանաւանդ Սուրիահայ փախստականներն ընդունելով եւ ներկաներուն տեղեկացուցին Մոնթրէալի 375-ամեակի առիթով քաղաքապետարանի նախաձեռնութիւններուն մասին։
Ընդունելութեան ընթացքին Գերշ. Առաջնորդը Թեմական Պատւոյ շքանշանով պարգեւատրեց «ՀայաստանիԵրեխաներու Հիմնադրամ»-ի վարչական կազմի անդամներ՝ Տիկին Մարկրիթ Գազարեանին, Տիկին Շուշան Արիսեանին, ՏիկինՏիանա Պօղոսեանին, Տիկին Անիթա Հայրապետին, Տիկին Թալին Թանաշեանին, Տիկին Հուրի Հաքիմեանին, ՏիկինՀիլտա Թուրշուճուին եւ Տիկին Միրնա Պալեանին։