Դեկտեմբեր 17, 2016-ին, Գերաշնորհ Աբգար Եպիսկոպոս, Առաջնորդ Գանատահայոց, Ս. Ծննդեան Շքեղ Պարի առիթով այցելեց «Ծաղկաձոր» մանկամսուրը: Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց եւ օրհնեց մանուկները, անոնց ծնողները, ուսուցիչները եւ Մանկամսուրի աշխատակազմը ինչպէս նաեւ յայտնեց լաւագոյն մաղթանքներ յառաջիկայ տարուան համար: