Սեպտեմբեր 2, 2016-ին Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան հրաւիրուած էր մասնակցելու՝ Վիմի-Քէպէքի Դաշնային Ազատական Ընկերակցութեան կազմակերպած տարեկան միջոցառումին, ի պատիւ Տիկ. Եվա Նասիֆի՝ Դաշնային Խորհրդարանի անդամ, Վիմի-Քէպէքի։

Սոյն միջոցառումին ներկայ էին նաեւ, Գանատայի Քաղաքացիութեան եւ Ներգաղթի Նախարար Պատուարժան Տիար Ժոն Մքալըմ, շրջանային եւ տեղական քաղաքական գործիչներ, ինչպէս նաեւ ղեկավարներ տարբեր կրօնական կազմակերպութիւններու եւ համայնքներու ներկայացուցիչներ։

Արժանապատիւ Տ. Կոմիտաս քահանայ Միրզախանեան, Լաւալի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Տիար Լեւոն Իսախանեան Դիւանապետ՝ եւ Տիկին Ազատուհի Փօլատ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ, Ծխական Խորհուրդի Ծխական Խորհուրդի անդամ, կ՚ուղեկցէին Սրբազան Հօր սոյն հանդիպումին։