Ապրիլ 10-11, 2016-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը հովուական այցով մեկնեցաւ դէպի Գալկըրի, Ալպերթա։

Ապրիլ 10-ին Սրբազան Հայրը մատուցեց Ս. Պատարագը։ Պատարագն ու հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցան Ս. Սթեֆան Անգլիկան Եկեղեցւոյ մէջ, ուր ներկայ գտնուեցան աւելի քան 70 ծխականներ։

Պատարագէն ետք Գալկըրիի հայորդիները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահը, մասնակցելու համար տարեկան Ծխական ժողովին, որ կայացաւ նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանին։