Ապրիլ 28, 2016-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը հանդիպեցաւ Գանատայի Արտագին Գործոց Նախարար Տիար Սթեֆան Տիոնի հետ։

Գանատահայոց համայնքի անունով, Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց, Գանատական քաղաքական գործիչներուն, սկզբունգային դիրքորոշումներուն համար Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, բարձր գնահատելով Գանատայի գործօն դերը՝ միջազգայնօրէն կասեցնելու համար ցեղսպանութեան ոճիրները։

Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը նախարարին ուշադրութեան յանձնեց Ատրպէյճանի գործաց վերջին նախայարձակումները Արցախի (Լեռնային Ղարաբաղի) հանդէպ, եւ խնդրեց նախարարէն որ դատապարտէ Ատրպէյճանի կատարած խախտումները՝ 1994-ին Հայաստան, Արցախ եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայացած հրադադարի համաձայնագիրին։ Ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ատեաններ տեղեկացուց նախարարին, Միջազգային մարդասիրական իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու՝ Ատրպէյճանի կատարած բազմաթիւ այլ խախտումներուն, որ պատճառ դարձաւ եւ յառաջացուց զոհեր, Արցախի խաղաղ բնակչութեան, զոհերու շարքին կան նաեւ երեխաներ։ Այս առումով Սրբազան Հայրը կարեւորեց եւ շեշտեց թէ՝ նախայարձակումները պէտք է որ հասցէագրուած կերպով դատապարտուին։

Բացի այդ, Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը նշեց որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան միակ եւ կայուն լուծումն է՝ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը եւ կոչ ուղղեց Գանատայի Իշխանութիւններուն որ գնահատէ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի արդարացի իրաւունքը եւ ճանչնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Եզրափակելով, Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը արժեւորեց եւ մեծ նշանակութիւն տուաւ, Հայաստանի մէջ Գանատական դեսպանատուն բանալու հարցին, եւ խնդրեց Մեծարգոյ Նախարարէն որ պաշտօնական այցով մեկնի Հայստաան այցելելու համար աշխարհի առաջին քրիստոնէական պետութիւնը։

Տիար Լեւոն Իսախանեան, Գանատահայոց Թեմի Դիւանապետը ուղեկցեցաւ Սրբազան հօր, իր կատարած այցելութեան ընթացքին։