Ցաւակցագիր Ֆրանսայի Դեսպանութեան

Նոյեմբեր 14, 2015-ին, Գերաշնորհ Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան, Առաջնորդ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի Թեմին, ցաւակցութիւններ յայտնեց Ն.Վ. Նիգոլա Շափուիի, Գանատայի մօտ Ֆրանսայի Դեսպանին:

Իր նամակին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կ’ըսէ՝ «Խոր ցաւով կը յղեմ ձեզի ինչպէս նաեւ եղբայրական Ֆրանսայի ամբողջ ժողովուրդին, ամենաանկեղծ ցաւակցութիւններ իմ եւ մեր բոլոր եկեղեցականներուն, Թեմական Խորհուրդին եւ Գանատայի հայ համայնքի ամբողջ հաւատացեալներուն անունով, ահաբեկիչներու կողմէ կատարուած գրոհին պատճառաւ մեծաթիւ անմեղ զոհերուն համար, որոնք Նոյեմբեր 13-ին իրենց կեանքը կորսնցուցին Ֆրանսայի սրտին մէջ: Գանատայի Հայոց Թեմը կը բաժնէ վիշտը բոլոր անոնց որոնք ազդուեցան այս անմարդկային արարքէն, եւ կը յայտարարենք մեր զօրակցութիւնը Ֆրանսայի հետ: Համոզուած ենք որ Մեր Տիրոջ շնորհներով, ֆրանսացի մեծ ժողովուրդը դուրս պիտի գայ այս ցաւալի կացութենէն աւելի ուժեղացած եւ աւելի վճռակամ՝ պահպանելու համար իր արժէքները:»