Ցաւակցագիր Լիբանանի Դեսպանութեան

Նոյեմբեր 14, 2015-ին, Գերաշնորհ Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան, Առաջնորդ Գանատահայոց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Թեմին, ցաւակցութիւններ յայտնեց Գանատայի մօտ Լիբանանի Դեսպանութեան Հիւպատոս եւ Գործավար՝ Տիար Սամի Հատտատի:

Իր ցաւակցագրին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը կը գրէ՝ «Խորապէս կը ցաւինք Նոյեմբեր 12, 2015-ի ահաբեկչական յարձակումին համար որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի մէջ: Հաճեցէք ընդունիլ ցաւակցութիւններս ուղղուած ձեզի եւ համայն Լիբանանցի ժողովուրդին, ու յատկապէս ընտանիքներուն այն անմեղ զոհերու, որոնք անգթօրէն սպաննուեցան ահաբեկիչներուն կողմէ: Կը յայտնեմ անձնական ցաւակցութիւններս, ինչպէս նաեւ յանուն մեր եկեղեցականներուն, Թեմական Խորհուրդին եւ Գանատայի Թեմի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջ համայնքին: Հայ ժողովուրդը անկեղծօրէն բաժնեկից է ձեր սուգին, մինչ կը տածենք մեր անխախտ եղբայրական յարաբերութիւնները լիբանանի ամբողջ ժողովուրդի նկատմամբ: Հաճեցէք վստահիլ մեր շարունակական աղօթքներուն առ Աստուած վասն Լիբանանի ազգութեան խաղաղութեան, ձեր երկրի այս խիստ ընկճուած ժամանակին ընթացքին:»