Կիարկի, 3 Մայիս 2015-ին, ՀՀ Սփիւռքի Նախարար՝ Տիկ. Հրանուշ Յակոբեան, աշխատանքային այցով ներկայ գտնուեցաւ Մոնթրէալ, ուր առիթը ունեցաւ մասնակից ըլլալու Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող Ս. Պատարագին: Այցելութեան ընթացքին, Նախարարին կ’ընկերակցէր նաեւ՝ Գանատայի Մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Նորին Վսեմութիւն՝ Տիար Արմէն Եկանեան:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Նախարարը հանդիպում ունեցաւ Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յավակիմեանի, Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեանի եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն հետ: Այս պատեհ առիթով, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, կազմակերպութեամբ՝ Ծխական Խորհուրդին:

Հանդիպումի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կարեւորութեամբ շեշտեց Սփիւռքի Նախարարութեան ծրագիրներուն դրական արդիւնքը, ինչպիսիք են. Արի Տուն, Համահայկական Խաղեր եւ այլ ծրագիրներ, եւ տեղեկացուց Նախարարին Առաջնորդարանի ընթացիկ գործունէութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

Հանդիպումէն ետք, նախարար՝ Յակոբեան, բազմաթիւ հարանուանական եւ քաղաքական գործիչներու կողքին, մասնակցեցաւ «Յանուն Մարդկութեան» քայլարշաւին, որ համախմբած էր աւելի քան 10,000 մասնակիցներ, որոնք 100 վայրկեան տեւողութեամբ գալեցին Մոնթրէալի կեդրոնաքաղաքին մէջ, յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ մարդկութեան դէմ գործադրուած այլ ոճիրներ եւ արտայայտելու կանխման կարեւորութիւնը ցեղասպանութեան յանձագործութեան: