Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողով
6-8 Մայիս 2020
Դիմումները կ՚ընդունուին մինչեւ 31 Մարտ 2020

Ծրագիր

Ամէն տարի, Գանատայի Աւագաժողովի (Senate) նախագահի հովանու ներքոյ, Օթթաուայի մէջ,  Ազգային Աղօթքի Նախաճաշի զուգահեռ կը կազմակերպուի Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողով, ուր երիտասարդներուն համար՝ Գանատայի Խորհրդարանի շրջանակներէն ներս ծառայող անձերու հետ հանդիպելու հնարաւորութիւն կը ստեղծուի։

Ժողովը կը ստեղծէ կլոր սեղանի շուրջ՝ դպրոցներու, եկեղեցիներու, քաղաքականներու կամ հանրային ոլորտի մէջ հաւատքը զօրացնելու նշանակութեան իմաստը բացայայտելու աջակցող քննարկումներուն մասնակցելու առիթ։

Ժողովը նաեւ առիթ է Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի անունով միաւորուած երկրի համայն համախոհ երիտասարդութեան հանդիպումին։

Երրորդ անգամ ըլլալով Գանատահայոց Թեմը յաջորդ տարի կրկին պիտի քաջալերէ Թեմի երիտասարդներուն մասնակցելու Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողովին, ինչպէս նաեւ մաս կազմելու Թեմիս նախաձեռնած լրացուցիչ ծրագիրին։

Մասնակիցները ի՞նչ կրնան ակնկալել

– Մասնակիցները հնարաւորութիւն կ՚ունենան շարք մը քաղաքական ղեկավարներու հետ զրուցելու՝ քաղաքականութեան ու առօրեային մէջ Տէր Յիսուս Քրիստոսի հաւատքով ներշնչուած անոնց ներգրաւուածութեան մասին։

– Հնարաւորութիւն կ՚ունենան կլոր սեղանի շուրջ ղեկավարներու հետ հաղորդակցիլ ու քննարկումներ ունենալ։

– Առիթ պիտի ունենան կապ ու ընկերութիւն հաստատել այլ երիտասարադներուն հետ։

Դիմում եւ ընտրութեան գործընթաց

18-30 տարեկան երիտասարդները հրաուիրուած են մասնակցելու նշուած ծրագիրին։

Մասնակցիլ փափաքող իւրաքանչիւր անհատէն՝ կը խնդրուի ներկայացնել իր կենսագրականն ու դիմումի նամակ (առաւելագոյնը 1 էջ)։ Կը խնդրենք նկատի ունենալ, որ դիմումի գործընթացը մրցակցական է։

Հաճեցէք մինչեւ 31 Մարտ 2020, Ձեր կենսագրականն ու դիմումի նամակն ուղարկել contact@armenianchurch.ca ել-հասցէին, (National Christian Youth Summit 2020) խորագրով։

Դիմումները կը գնահատուին 1 Ապրիլէն սկսեալ եւ դիմողներուն կը տեղեկացուի մինչեւ 10 Ապրիլ։

Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար դիմեցէք նոյն ել-հասցէին։

Մասնակցութեան սակ եւ պահանջքներ

Գանատահայոց Թեմը կը հոգայ ընտրուած մասնակիցներուն՝ վերադարձի տոմսի, ճաշերու, Ազգային Քրիստոնէական Երիտասարդական Գագաթաժողովին մասնակցութեան տուրքի, եւ Օթթաուայի մէջ հանրակառքի օրական տոմսերու։

Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ անդամներն ազնուաբար համաձայն են հիւրընկալել մասնակիցներուն, անոնց Օթթաուայի մէջ գտնուելու շաբաթուան ընթացքին։

Ընտրուած մասնակիցներէն կը պահանջուի վճարել 50 տոլար։