19 Յունուար 2020-ին, կազմակերպութեամբ Գանատայի Միջքրիստոնէական կեդրոնի՝ Քրիստոնէական Միասնութեան Համար տարեկան Միջքրիստոնէական Աղօթքը տեղի ունեցաւ Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաքելական Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ՝ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ, Անկլիգան եկեղեցւոյ, Մկրտչական եկեղեցւոյ, Ռումինական Ուղղափառ եկեղեցւոյ, Երիցական եկեղեցւոյ, Երուսաղէմի Եղբայրութեան, Միացեալ եկեղեցւոյ, Ընտանեկան Օճախ շարժման (Mouvement des Focolari), Աւետարանական Մկրտչական Ամբողջական եկեղեցւոյ, ԱՄՆ Ուղղափառ եկեղեցւոյ եւ Լուտերական եկեղեցւոյ հոգեւորաց դասի ու հաւատաւորներու:

Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Աբգար եպս. Յովակիմեանի անունով, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդարանիստ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժանապատիւ Տէր Դաւիթ քահանայ Մարգարեանը ջերմօրէն ողջունեց ու բարի գալուստ մաղթեց Միջքրիստոնէական Աղօթքի բոլոր մասնակիցներուն: