18 Հոկտեմբեր 2019-ին, Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Օթթաուայի, Մոնթրէալի եւ Արեւելեան Գանատայի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պուլոս եպիսկոպոսը, ուղեկցութեամբ Տ. Ռաֆայել Պիշարայի ու Տ. Միխայիլ Ազիզի եղբայրական այցով մը այցելեց Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանին:

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Լաւալի Սուրբ Խաչ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Կոմիտաս քահանայ Միրզախանեանն ու Դիւանապետ Տիար Լևոն Իսախանեանը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արևելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու կեանքին առնչուող զանազան նիւթեր: