Օգոստոս 18, 2019-ին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը, իրեն առընթերկայ ունենալով Արժ. Տ. Վազգէն քահանայ Պոյաջեանը ու Բարեշնորհ Քամի սարկաւագ Սարիմանուկօղլուն, Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց:

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Սրբազան Հայրը կատարեց Խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, ապա օրհնուած խաղողը բաժանուեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն: