28 Յուլիս 2019-ին, Մոնթրէալի, Լավալի եւ Օթթաուայի Հայց. Առաքելական եկեղեցիներու հաւատաւորները, Քէպէք նահանգի Ռիկօյի Լուրտի Աստուածամօր Սրբավայրի մէջ, Գանատահայոց Թեմի բարեջան առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանու ներքոյ հաւաքուեցան տօնելու Տեառն Մերոյ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը։

Ուխտագնացութիւնը կազմակերպած էին՝ Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Լավալի Սուրբ Խաչ եւ Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ Հայց. Առաք. եկեղեցիները։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, եւ իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Թաբոր լերան վրայ Տեառն Մերոյ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան իմաստին ու կարեւորութեանը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցիներու Ծխական Խորհուրդներն ուխտաւորներուն համեղ ճաշ մատակարարեցին, որմէ ետք աւանդական Վարդավառի ջրախաղ տեղի ունեցաւ։ Փոքր ու մեծ ճոխ հայկական երաժշտութեան տաղերով վայելեցին իրարու վրայ ջուր թափելու ուրախութիւնը։