27 Մարտ 2019-ին, Գանատահայոց Թեմի «Արարատ» ամառային երիտասարդական ճամբարի գործադիր տնօրեն Տիկին Անի Ալթունեանը արժանացաւ կամաւորներու համար՝ «Թագուհիի Գերագոյն» շքանշանին (Sovereign’s Medal for Volunteers):

Գանատայի Գլխաւոր Նահանգապետ Նորին Գերազանցութիւն Ժուլի Բայէթի անունով՝ շքանշանը յանձնեց Միսիսուկայի քաղաքապետուհի Մեծայարգ Պոնի Գրոմպին:

Պաշտօնական մէջբերումը հետեւեալն է՝

«Արդէն երկու տասնամեակներ է, որ Անի Ալթունեանը կը նպաստէ Օթաուայի, Թորոնթոյի եւ Միսիսակայի համայնքներուն: Անիկա 2005 թուականէն ի վեր կամաւոր եղած է Գանատահայ երիտասարդներուն համար՝ Արարատ ամառային ճամբարի իւրայատուկ ծրագրին: Անոր ղեկավարութեամբ՝ ճամբարը նուաճում մը կը վայելէ, թէ՛ մասնակիցներուն թիւի եւ թէ՛ աւելի լայն տարածք ունենալու առնչութեամբ:»

Նկարները տրմադրուած են Միսիսակայի քաղաքապետարանի կողմէն