7 Փետրուար 2019-ին, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը հյուրընկալեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանին ու Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Հոգեշնորհ Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեանին Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանին մէջ:

Աշխատանքային նիստի ընթացքին, հիւսիսային Ամերիկայի Թեմերու Առաջնորդները քննարկեցին շարք մը նիւթեր, որոնք առնչութիւն ունին երիտասարդական առաքելութիւններուն եւ քարոզչութիւններուն, առաքելութեան հանգամանքներուն, քրիստոնէական դաստիարակութեան, հոգեւորաց դասի պատրաստման, Սուրբ Աւետարանի քարոզչութեան եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ հետ կապուած այլ հարցերուն:

Կէսօրէ ետք, բարձրաստիճան հոգեւորականներու պատուին, տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը Արեւմտեան Թեմի Համբար Ընտանիքի սրահին մէջ: Միջոցառումին ներկայ էր աւելի քան 50 անց, որոնց շարքին էին՝ Թեմական Խորհուրդի անդամներ, հոգեւորականներ, բարերարներ եւ նուիրատուներ:

Իր ելույթին, Յովնան Սրբազանը անդրադարձաւ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի եւ Հոգեշնորհ Տ. Դանիէլ Ծ. Վրդ. Ֆընտըքեանի հսկայական նպաստներուն, իրենց տիրախնամ թեմերու կրօնական եւ հոգեւոր կեանքէն ներս: Իրենց հերթին Սրբազան Հայրն ու Հայր Սուրբը, իրենց սրտագին շնորհակալութիւնները յայտնեցին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդին ջերմ ընդունելութեան ու արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: Յարգարժան հիւրերու շարքին էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Լոս Անճելըսի գլխաւոր հիւպատոս Պր. Արմէն Պայպուրթեանը: