8 Յունուար 2019-ին, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան պատուիրակութեան անդամները, Առաջնորդարանն այցելեցին Նոր Տարուայ եւ Սուրբ Ծննդեան առիթներով շնորհաւորելու Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանին։

Հանդիպումին, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ քահանայ Մարգարեանը։