8 Յունուար 2019-ին, Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանը, մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ Կոմիտաս երգչախումբի եւ Տիկնաց Յանձնախումբի անդամներուն, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հայ տարեց հաւատացեալներու կացարան՝ Երեցներու Տան մէջ։

Այս առիթով Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը այցելեց կացարանն ու իր հայրական օրհնութիւն բերաւ եւ Ամանորեայ շնորհաւորանքներ փոխանցեց տարեց հաւատացեալներուն։