29 Դեկտեմբեր, 2018-ին, Թեմի բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը մասնակցեցաւ Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած Մանուկներու Կաղանդի տօնակատարութեանը։

Գերշ. Սրբազան Հայրն ու եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեանը իրենց օրհնութիւնը բերին մանուկներուն, անոնց ընտանիքներուն եւ կազմակերպողներուն։

Հանրածանօթ երգիչ Մարդէն Յորկանցի հրաշալի երգերը ճոխացուցին մանուկներու երեկոն։

Այս առիթով, Հիւսիսային Բեւեռէն եկած Կաղան Պապան յատուկ այցելութիւնով մը ներկայ գտնուեցաւ միջոցառումին։