Առաջնորդութիւն Գանատահայոց Թեմի
եւ
Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցի

ՀԲԸՄ Արմէն Օնթարիոյի կողմէն տարածուած յայտարարութիւններ

Վերջերս ՀԲԸՄ Արմէն Օնթարիոյի ղեկավարութիւնը յայտարարութիւններ ու մեկնաբանութիւն տարածեց ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի վաճառքի՝ իրենց որոշումին մասին։ Այս յայտարարութիւնները՝ յատկապէս վերջին երկուսը, ինքզինքն արդարացնելու անօգուտ փորձեր են։ Անոնք համայնքը պառակտում առաջացնող մեկնաբանութիւններ կը պարունակեն։ Երկու պարագաներուն ալ անոնք ձախողեցան։ Յստակօրէն յայտնի է, որ այս յայտարարութիւնները՝ անկեղծութենէ բոլորովին զուրկ են համայնքի մը նպաստին առաջացած առողջ զգացումներու առմամբ եւ կը ներկայացնեն պարտադրող ոչ ժողովրդավարական որոշումներ առանց որեւէ թափանցիկութեան։

Մենք մեր գործը պիտի շարունակենք, ըստ 11 Նոյեմբեր, 2018-ին ընդհանուր ժողովի ընթացքին ընդունուած բանաձեւին, ինչպէս եւ պիտի շարունակենք հաւատարիմ մնալ մեր Եկեղեցւոյ կանոնադրութեանը։

Ի վերջոյ մենք պիտի շարունակենք մեր բանակցութիւնները ՀԲԸՄ Արմէն Օնթարիոյի ղեկավարութեան հետ եւ մեր ընդհանուր ժողովի բանաձեւին համաձայն կեդրոնացած պիտի մնանք մեր համայնքի համար ամենալաւ տարբերակը ճարելու եւ մենք մեր ժամանակն ու եռանդը պիտի սպառենք ոչ թէ հետագայ հրապարակային յայտարարութիւններ ընելով այլ պիտի կեդրոնանանք մեր առջեւը դրուած խնդիրներուն լուծում գտնելու մասին։

Հայ Առաքելական Սուրբ եկեղեցի, Գանատայի Թեմ Կալուածոց Աւանդապահ Մարմնի Յայտարարութիւն

Հաղորդագրութիւն: Ս.Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Արտահերթ Անդամական Ընդհ. Ժողովի

ՑՈՅՑ ՏՈՒ՛Ր ՈՐ ՀՈԳԱՏԱՐ ԵՍ