15 Յուլիս 2018-ին, Գանատահայոց Թեմի բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանը, Սէնթ Գաթրինզի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ Համիլթընի Սուրբ Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւ նշանակեց Արժանապատիւ Տ. Հրանդ քահանայ Մանուկեանին:

Արժանապատիւ Տէր Հայրը Հայաստանէն եկաւ ու մեր Թեմին միացաւ: Ան ամուսնացած է Երեցկին Տաթեւիկին եւ Տէրը իրենց ամուսնութիւնը օրհնած է իրենց Մարիամ դուստրով: