9 Մարտ 2018-ին, Վանքուվըրի մէջ տեղի ունեցած՝ տարբեր կրօնական դաւանանքներու պատկանող երիտասարդներու եւ հոգեւորականներու քննարկումներուն ու հանդիպումներուն չորորդ փուլը եզրափակուեցաւ։

Շաբթուան ընթացքին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութեամբ, Պրիթիշ Գոլոմպիոյ Ս. Վարդան Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ յարկի տակ հաւաքուեցան 16 տարբեր կրօնքներու եւ դաւանանքներու ներկայացուցիչներ (Քրիստոնեայ, Հրեայ, Մահմետական, Հինդու, Սիխ, Բահայի, եւ Պուտտայական): Հաւաքի նպատակն էր փոխանակել կրօնական գաղափարներն ու անդրադառնալ Գանատայի կրօնական բազմազանութեանը։

Գանատահայոց Թեմի նախաձեռնած «Նշենք մեր բազմազանութիւնը» միջկրօնական երիտասարդական ծրագրի իրականացումը հնարաւոր դարձաւ Գանատայի կառավարութեան օժանդակութեան շնորհիւ։ Միջոցառումը կազմակերպուած էր «Համաշխարհային Միջկրօնական Համերաշխութեան» շաբթուայ առիթով, որ հռչակուած է 20 Հոկտեմբեր 2010-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Վեհաժողովի կողմէ։

Գանատահայոց Թեմը, սոյն ծրագիրը պատրաստած է՝ նշելու համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի տնօրինութեամբ հռչակուած «2018 թուականը Երիտասարդութեան Տարի» նախաձեռնութիւնը։ Այս առիթով, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանն իր օրհնութիւնը փոխանցեց ու կարեւորեց երիտասարդներու միջկրօնական երկխօսութեան զարգացման գործընթացը։

2018 թուականի Յունուար ամիսէն սկսեալ Գանատահայոց Թեմը Գանատայի եւս երեք նահանգներու մէջ կազմակերպեց նման հաւաքոյթներ (Յունուարի վերջը՝ Քէպէք նահանգի Մոնթրէալ Քաղաքի մէջ, Փետրուարի սկիզբը՝ Օնթարիոյ նահանգի Թորոնթոյ քաղաքի մէջ, իսկ Փետրուարի վերջը՝ Ալպերթայ նահանգի Գալկըրի քաղաքին մէջ)։

Չորս նահանգներու հանդիպումներու ընթացքին, ջերմ ու ընկերային մթնոլորտով հաւաքուեցան կրօնական համայնքներու ներկայացուցիչներն ի նպաստ մեր բազմամշակութային երկրի մէջ երիտասարդական միջկրօնական երկխօսութեան զարգացմանը։ Մասնակիցներն առիթ ունեցան մէկս միւսի կրօնքին ու դաւանանքին ծանօթանալ, քննարկեցին փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող տարբեր նիւթեր ու անդրադարձան Գանատայի երիտասարդներու միջկրօնական համացանց ստեղծելու հարցին։

Ծրագրի շրջանակներէն ներս կը ստեղծուին՝ վաւերագրական տեսանիւթ եւ կայքէջ, երիտասարդներու միջկրօնական երկխօսութիւնը զարգացնելու նպատակով։

Շնորհակալ ենք բոլոր անոնց, որոնք կարեւորեցին այս նախաձեռնութիւնն ու ընդունեցին մեր հրաւէրը։