Կիրակի, 3 Դեկտեմբեր 2017-ին, Մանուկներու Ս. Ծննդեան Օրհնութիւնն ու Նոր Տարուայ տարեկան հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ հովանաորութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեանին եւ կազմակերպութեամբ՝ Թեմիս Հայաստանի Երեխաներու Հիմնադրամին:

Այս ձեռնարկին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի Հայաստանի մէջ Հիմնադրամի կողմէ իրագործուող մարդասիրական ծրագիրներուն։

Մոնթրէալի, Ս. Գրիրոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Մարի Մանուկեան սրահին մէջ, հաւաքուեցան մանուկները իրենց ծնողներու հետ միատեղ խաղալու, պարելու, երգելու, եւ ի հարկէ Կաղանդ Պապան դիմաւորելու ու իրենց նուէրները ստանալու համար։

Այս տարուայ իւրայատուկ հիւրն էր Թալին Լատոյեան « Ուրախ Տարեդարձ » խումբէն, որ իր բացառիկ ելոյթով զուարճացուց մանուկներն ու ծնողները, ստեղծելով գեղեցիկ ու անմոռանալի առիթ մը:

Սրբազան Հօր նախաձեռնութեամբ՝ Հայ Տունի հետ համագործակցութեամբ, ձեռնարկին հրաւիրուեցան նաեւ՝ նոր ժամանած Սուրիահայ ընտանիքներու մանուկները։

Մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր նուիրատուներուն, կամաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք սիրայօժար կերպով սատարեցին այս ձեռնարկին յաջողութեան։