12 Սեպտեմբեր 2017-ին, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանն ու Գանատայի Հայ համայնքի ներկայացուցիչները մասնակցեցան Գանատայի մօտ վերջերս Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած վսեմաշուք Տիար Լեւոն Մարտիրոսեանի հաւատարմագրերու յանձման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Գանատայի գեներալ-նահանգապետի կեդրոնավայրի «Citadelle of Quebec» սրահին մէջ: