30 Յունիս, 2017-ին, «Cardus» Գանատայի Քրիստոնէական Վերլուծական կեդրոնը, «Faith in Canada 150» ծրագրի շրջանակէն ներս, Գանատայի 150-ամեակի կապակցութեամբ, ճոխ հանդիսութիւն կազմակերպեց «The Westin Ottawa – Governor General Ballroom» սրահին մէջ։

Արարողութեան հովանաւորութեանը մասնակցեցաւ նաեւ Գանատահայոց Թեմը։

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը, Թեմի Փոխառաջնորդ, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանը, Լավալի Ս. Խաչ Հայց Առաք. Եկեղցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեանը, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետուհի Տիկ. Աբեթ Ալբայը, Թեմական Խորհուրդի անդամ Տիար Ժան Ֆիլիբ Թաշճեանը, Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Անդրանիկ Շիրինեանը, Թեմական Պատգամաւոր Տիար Յովսէփ Մարտեանը, Թեմի Դիւանապետ Տիար Լեւոն Իսախանեանն ու Օթթաուայի Ս. Մեսրոպ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ սարկաւագ Բարեշնորհ Տոքթ. Լեւոն Պետրոսեանը։

Միջոցառումին Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը հրաւիրուեցաւ օրհնելու ճաշի սեղանը։

Երեկոյն սկսաւ յանրայայտ սոբրանո երգչուհի Տիկին Իզապել Պայրաքտարեանի՝ «O Canada» քայլերգի, ապա, Հայրապետական Օրհներգ «Ամեն Հայի Սրտից Բխած» եւ «Տերունական Աղօթքի» հիանալի կատարողութեամբ։