Յունիս 13, 2017-ին Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին տօնեց Ս. Գայանեանց կոյսերու յիշատակը:

Առաւօտեան Միածնաէջ Մայր Տաճարէն եկեղեցականներու հանդիսաւոր թափօրն ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Գայանէ վանք` ուխտաւորներու ուղեկցութեամբ վանք տանելով Մայր Աթոռի մէջ պահուող սրբուհիի մասունքակիր Աջը: Այս առիթով, օրհնելով ներկայ բարեպաշտ ժողովուրդին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն այնուհետեւ Ս. Աջը փոխանցեց Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար եպիսկոպոս Յովակիմեանին:

Ս. Գայանէ վանքի առջեւ թափօրը դիմաւորեցին վանքի հոգեւոր սպասաւորներն ու բազմաթիւ ուխտաւորներ` Վանորէից տեսուչ Գերաշնորհ Տ. Արտակ եպիսկոպոս Տիգրանեանի գլխաւորութեամբ:

Տօնի առիթով Սուրբ Գայանէ վանքի կամարի տակ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ: Պատարագիչն էր Ս. Գայանէ վանքի վանահայր Հոգեշնորհ Տ. Կորիւն աբեղայ Առաքելեանը: