Գանատահայոց Թեմի 34-րդ Տարեկան Թեմական Պատգամաւորական ժողովը կայացաւ Մայիս 26-27, 2017-ի շաբաթավերջին, հիւրընկալութեամբ՝ Օնթարիոյ, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, նախագահութեամբ՝ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, եւ ատենապետութեամբ՝ Թեմական Խորհուրդի նախկին ատենապետ Տիար Ժագ Ստեփանեանի: Սոյն ժողովին մաս կազմեցին համայն Գանատայի ծուխերէն ներկայացուցիչ պատգամաւորներ՝ Վանքուվրէն մինչեւ Մոնթրէալ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողոկոսը, Գանատայի Վարչապետ՝ Ն.Վ. Ճասթին Թրուտոն, Օնթարիոյ Նահանգի Վարչապետ՝ Տիկին Քաթլին Ուինն ու Թորոնթոյի Քաղաքապետ՝ Տիար Ճօն Թորին, յատուկ ուղերձներով՝ իրենց օրհնութիւնն ու յաջողութեան բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Թեմական Պատգամաւորական Ժողովին։

Ուրբաթ օրը, Մայիս 26-ին, ժողովը սկիզբ առաւ Թեմիս հոգեւորականներու խորհրդակցութիւններով։ Համայն Գանատայի մէկ ափէն միւսը՝ հոգեւորակնները հաւաքուած էին գնահատելու եւ քննարկելու ծուխերու յառաջընթացի հետ առնչուող տարբեր հարցեր։

Ժողովի ընթացքին՝ տարեկան տեղեկագրերը յանձուեցան պատգամաւորներու ուշադրութեան։ Առաջարկուեցան համապատասխան բանաձեւեր, որոնք եւ հաստատուեցան։

Ապա, կատարուեցաւ Թեմի բարձրագոյն գործադիր մարմնի՝ Թեմական Խորհուրդի անդամներու ընտրութիւնները։

Շաբաթ օր, երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը կազմակերպած էր ընդունելութիւն, ի պատիւ ժողովի մասնակիցներուն։

Սեղմել այստեղ կարդալու համար 2016 թուականի Թեմական տարեգիրքը

Սեղմել այստեղ կարդալու համար Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի պատգամը

Սեղմել այստեղ կարդալու համար Գանատայի Վարչապետ՝ Ն.Վ. Ճասթըն Թրուտոյի պատգամը

Սեղմել այստեղ կարդալու համար Օնթարիոյի Նահանգի Վարչաապետ՝ Տիկին Քաթլին Ուինի պատգամը

Սեղմել այստեղ կարդալու համար Թորոնթոյի Քաղաքապետ՝ Պրն. Ճօն Թորիի պատգամը