Կիրակի, 15 Յունուար 2017-ին, Գանատահայոց Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանը, ուղեկցութեամբ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեանին, ներկայ գտնուեցան՝ Մարոնիական Սուրբ Անտոն Վանքի մէջ՝ Մոնթրէալի, «Սուրբ Մարուն» Մարոնիտ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Փոլ-Մարուան Եպս. Թապէդի գլխաւորութեամբ մատուցուած Սուրբ Պատարագին։ Սուրբ Պատարագը նուիրուած էր Սուրբ Շարպէլի սրբադասման 40-ամեակի առիթով միջոցառումներուն բացումին։