Հայաստանի Անկախութեան 25-րդ Ամեակին առիթով Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի օրհնութեամբ կազմակերպուեցաւ երկշաբաթեայ ուխտագնացութիւն: Այս առիթով Մոնթրէալէն, Թորոնթոյէն, Վանքուվըրէն, Լաւալէն եւ Գանատայի այլ վայրերէն՝ թիւով 30 ուխտաւորներ ուղղուեցան դէպի Հայաստան նշելու Հայաստանի Անկախութիւնը Մայր Հայրենիքին մէջ:

Սեպտեմբեր 18-ին՝ ուխտաւորները այցելեցին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին՝ համայն Հայութեան հոգեւոր կեդրոնը, ուր անոնք օրհնութիւն ստացան Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.ՕՏ.Տ. Գարեգին Բ-ի կողմէ: Նոյն օրը անոնք ացելեցին Ս. Էջմիածնի Ալեք եւ Մարի Մանուկեանի անուան Գանձարան-Թանգարանը, Ս Հռիփսիմէի եւ Ս. Գայանէի եկեղեցիները եւ Զուարթնոցի Հնագիտական Յուշահամալիրը: Էջմիածնի Մայր Տաճարն ու բոլոր եկեղեցիները եւ Զուարթնոցի Հնագիտական Յուշահամալիրը գրանցուած են UNESCO-ի Համաշխարհային ցանկին մէջ:

Սեպտեմբեր 19-ին, ուխտաւորները հանդիպում ունեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարար՝ Տիկ. Հրանուշ Յակոբեանին հետ: Այնուհետեւ, խումբը մեկնեցաւ Կոտայքի մարզ, ուր այցելեցին Գառնիի տաճարը, որ նախապէս եղած էր դասական հելլենական տաճար մը, եւ որ կը հանդիսանայ Հայութեան նախաքրիստոնէական դարաշրջանի ամենայայտնի կառոյցն ու խորհրդանիշը: Այնուհետեւ, ուխտաւորները այցելեցին Գեղարդավանք, որ ըլլալով շարք մը վանքերու եւ դամբարաններու համալիր, հիմնականին մէջ քարակոփ, կը խորհրդանշէ՝ Հայ Միջնադարեան ճարտարպետութեան վերելքը: Միջնադարեան շինութիւններու այս համալիրը փռուած է հրաշագեղ բնութեան գիրկը՝ շրջապատուած վեր խոյացող ժայռերով Ազատի հովիտին մէջ: Վանքը յայտնի է շնորհիւ այնտեղ պահպանուող մասունքներուն: Ասոնցմէ ամենայ շատ յիշատակուողն է գեղարդը, որուն հետ խոցած են խաչ հանուած Քրիստոսը եւ այդ այստեղ բերուած է ձեռամբ՝ Թաթէոս Առաքեալի, որմէ ծագում առած է վանքին ներկայի անուանումը՝ Գեղարդավանք (Գեղարդի Վանք): 500 տարուայ ընթացքին գեղարդը պահպանուած է այս վանքին մէջ: Գեղարդավանքը գրանցուած է UNESCO-ի Համաշխարհային ցանկին մէջ:

Նոյն օրուայ երեկոյեան՝ ուխտաւորները առիթը ունեցան այցելելու Երեւանի Օփերայ, ուր վայելեցին «Բարեկամութիւն» Հայկական Պարի Պետական Համոյթի ելոյթը:

Հինգշաբթի օր, Սեպտեմբեր 20-ին, ուխտաւորները այցելեցին Էրեբունի Պատմա-Հնագիտական թանգարանը: Էրեբունին հիմնուած է 782 թ. Ն.Ք, Ուրարտուի ամենահզօր թագաւորներէն մէկուն՝ Արգիշտի Առաջինին կողմէ:

Այնտեղէն ուխտաւորները ուղղուեցան դէպի Արարատ գոնեակի գործարանը, ուր համտեսեցին համբաւաւոր Հայկական գոնեակի զանազան տեսակներ: Գոնեակի գործարանը հիմնուած է 1887 թուականին:

Նոյն օրը՝ ուխտաւորները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի Յուշարձանն ու Թանգարանը եւ ծաղիկներ զետեղելով յաւերժական կրակին շուրջ՝ յարգանքի տուրք մատուցեցին Եղեռնի զոհերու յիշատակին:

Սեպտեմբեր 21-ին, ուխտաւորները տօնեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-րդ Ամեակը:

Սեպտեմբեր 22-ին, Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի առաջնորդութեամբ՝ ուխտաւորները հանդիպում ունեցան Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Վեհափառ Հօր հետ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին: Վեհափաօ Հօր օրհնութիւնը ստանալնէն յետոյ անոնք այցելեցին Մայր Տաճարի թանգարանը:

Նոյն օրը ուխտաւոորները մեկնեցան Օշական եւ այցելեցին Ս. Մեսրոպի տաճարը, ուր թաղուած է Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, Հայ գիրերու կերտիչը:

Ուխտաւորները Օշականէն ուղղուեցան դէպի Արագած լեռան լանջերը՝ այցելելու 7-րդ դարուն կառուցուած Ամբերդի ամրոցը եւ յարակից Վահրամաշէն եկեղեցին՝ կառուցուած 1026 թուականին Արքայորդի՝ Վահրամ Պահլավունիի կողմէ:

Սեպտեմբեր 23-ին, ուխտաւորները անցուցին Երեւանի մէջ, այցելելով Հայաստանի Պատմութեան թանգարան, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահ, «Գասգատ» ճարտարապետական համալիր եւ Մատենադարան՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անունը կրող հինաւուրց ձեռագրերու հիմնարկ:

Յաջորդ օրը, Սեպտեմբեր 24-ին, ուխտաւորները մեկնեցան Վայոց ձորի մարզ: Գորիս տանող ճանապարհին՝ Արարատեան յարդավայրի հատուածին մէջ, անոնք այցելեցին Խոր Վիրապ վանքը: Խոր Վիրապ կը նշանակէ «խորունկ փոս»: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը 14 տարի շարունակ բանտարկուած մնացած է այս փոսին մէջ՝ Հայոց Տրդատ 3-րդ թագաւորի կարգադրութեամբ:

Այնուհետեւ, ուխտաւորները այցելեցին Արենի գիւղ, որ յայտնի է իր գինեգործոպթեամբ: Այնտեղ անոնք հանդիպեցան Վայոց ձորի Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Աբրահամ Արք. Մկրտչեանին: Որմէ ետք, ուխտաւորները այցելեցին Նորավանք՝ 13-րդ դարու վանք, որ կը գտնուէր Ամաղու գետին շրջակայ նեղ կիրճին մէջ: Այդ գիշերը ուխտաւորները անցուցին Գորիսի մէջ:

Սեպտեմբեր 25-ին, ուխտաւորները հասան Արցախի Հանրապետութիւն (Լեռնային Ղարաբաղ), ուր անոնք այցելեցին Շուշի եւ Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցի: Այնուհետեւ, ուխտաւորները այցելեցին «Մենք Ենք՝ Մեր Սարերը» Յուշարձանը եւ Եղբայրութեան Պանթէոն: Այդտեղէն անոնք այցելեցին գիշերօթիկ դպրոց մը, ուր նուէրներ բաշխեցին սաներուն: Այդ օրը ուխտաւորները գիշերեցին Արցախի Հանրապետութեան Մայրաքաղաք՝ Ստեփանակերտի մէջ:

Սեպտեմբեր 26-ին, ուխտաւորները հանդիպում ունեցան Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահ՝ Աշոտ Ղուլեանի հետ:

Այնուհետեւ, ուխտաւորները այցելեցին Գանձասար՝ 10-13-րդ դարերու վանք, որ կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտ շրջանին մէջ: Այս վանքը «Գանձասար» (գանձերու սար) յորջորջուած է շնորհիւ՝ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի եւ իր հօր՝ Ս. Զէքարիայի մասունքներուն, որոնք կը պահպանուին այստեղ:

Նոյն օրը, Գանտահայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան հանդիպում ունեցաւ Արցախի Թեմի Առաջնորդ՝ Բարձրաշնորհ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի հետ եւ այցելեց նոր կառուցուող եկեղեցւոյ շինութեան կայքը:

Սեպտեմբեր 27-ին, ուխտաւորները այցելեցին Սիւնիքի մարզի Խնձորեսկ գիւղը, որ կը գտնուի Խոր Ձոր կիրճի զառիթափ լանջերուն վրայ: Այդտեղէն անոնք գացին տեսնելու Զօրաց քարերը կամ Քարահունջը: Այս նախապատմական վայր մըն է Սիւնիքի մարզի Սիսիան քաղաքին մօտակայքը: Զօրաց քարերը բառացիօրէն կը թարգմանուին զօրքի քարեր, որ յաճախ ճանչցուած են նաեւ՝ որպէս «Հայկական Յուշակոթող»:

Ուխտաւորներու յաջորդ հանգրուանը Տաթեւի վանքն էր: Այս մէկը Տաթեւ գիւղին մօտ գտնուող 9-րդ դարու Հայ Առաքելական եկեղեցի մըն է, որ կը գտնուի խոշոր պազալթէ բարձրավանդակի մը վրայ, Տաթեւի վանքին մօտ: Վանական այս համալիրը տարածուած է Որոտան գետի կիրճէն վեր խոյացող ժայռի եզրին: 14-15-րդ դարերու այս վանքին մէջ կը գործէր Տաթեւի համալսարանը, որ կարեւորագոյն տեղ ունեցած է Միջնադարեան Հայկական կրթօճախներու շարքին մէջ: Համալսարանը մեծապէս նպաստած է գիտութեան, կրօնի, փիլիսոփայութեան, գիրքերու եւ մանրանկարներու ստեղծման ասպարէզներուն մէջ:

Տաթեւի համալսարանի ուսումնագէտները զգալի դեր կատարած են հայ մշակոյթի եւ հաւատքի պահպանման գործին մէջ՝ Հայ ժողովուրդի ամենափոթորկուն տարիներու ընթացքին: Տաթեւէն ուխտաւորները մեկենեցան Սեւան, ուր անցուցին նաեւ նոյն գիշերը:

Սեպտեմբեր 28-ին, անոնք այցելեցին Սեւանայ Լիճ եւ Սեւանավանք: եկեղեցիներու համալիր, որ կը գտնուի լիճին Հիւսիս-Արեւմտեան ափի թերակղզիին վրայ: Եկեղեցիներէն մէկուն մէջ եղած արձանագրութեան մը համաձայն՝ Սեւանավանքը հիմնուած է 874 թուականին Աշոտ Ա.-ի դուստր՝ Իշխանուհի Մարիամի կողմէ, որմէ տասնեակ տարիներ ետք, Աշոտ Ա.-ը հռչակուած է թագաւոր:

Ուխտաւորները Սեւանէն մեկնեցան Դիլիջան, ուր նախ այցելեցին Գոշավանք՝ Տաուուշի մարզին մէջ գտնուող 12-րդ դարու Հայկական եկեղեցի: Մխիթար Գոշը՝ առաջին Քրէական Օրինագիրքի հեղինակը, մասնակից եղած է վանքի վերակառուցման գործին: Գոշավանքին մէջ Մխիթար Գոշ հիմնած է նաեւ դպրոց մը, որուն շրջանաւարտներէն մէկը եղած է Հայ գիտնական մը՝ Կիրակոս Գանձակեցի, որ եղած է հեղինակը «Հայոց Պատմութիւն» աշխատութեան: Ճարտարապետ Մխիթար Հիւսն ու իր աշակերտը՝ Յովհաննէս, նոյնպէս գործօն մասնակցութիւն ունեցած են եկեղեցւոյ շինարարութեան մէջ: Հետագային համալիրը վերանուանուած է Գոշավանք, իսկ գիւղը կոչուած է Գոշ՝ ի պատիւ Մխիթար Գոշի: Այս հրաշագեղ կառոյցին կը պատկանի աշխարհի ամենանրբակերտ խաչքարերէն մէկուն օրինակը:

Այնուհետեւ, ուխտաւորները այցելեցին Հաղարծին՝ 13-րդ դարու եկեղեցի, կառուցուած Դիլիջան քաղաքին մէջ: Այնտեղէն անոնք վերադարձան Երեւան:

Ուխտագնացութեան վերջին օրը՝ Սեպտեմբեր 29-ին, իրենց տրամադրութեան տակ ունենալով մէկ ազատ օր մի միայն, ուխտաւորներն ամփոփեցին իրենց անմոռանալի շրջապտոյտին հայրենասիրական յուշերը: