Մարտ 1, 2016-ին, աննախադէպ միացեալ-համատեղ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետերուն, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդարանէն ներս, մասնակցութեամբ Գանատայի Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ, Աւետարանական եւ Անկլիքան եկեղեցիներու ծառայող կղերականերուն, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Դամասկոսէն՝ Տ. Հայարի Թանաշեան եւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանէն Տ. Եղիա Քհնյ. Քէրուանճեանը։

Մինչ Արեւագալի ժամերգութեան սկսիլը, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետերուն անունով, Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը խորին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն որ ընդառաջեցին այս հրաւէրին, շեշտելով որ «Մեզ բոլորին կը միաւորէ Մեր հաւատքն ու լեզուն»

Սոյն հանդիպումին մասնակիցները միասնաբար աղօթեցին եւ քննարկեցին հետեւեալ հայեցակէտերը՝

-Գանատայի հայ հոգեւորականներու առաքելութիւնը։

– Նահատակութեան ըմբռնումը ըստ հին կտակարանին՝ ներկայացուց Հոգեշնորհ Տ. Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեանը, ըստ նոր կտակարանին՝ Վերապատուելի Մանուէլ Ճինպաշեանը։

– Իսկ Գերյարգելի Տ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Զապարեան, Վերապատուելի Յովհաննէս Սուաճեան եւ Արժանապատիւ Տ. Վազգէն Քհնյ. Պոյաճեան անդրադարձան հայ հոգեւորականներու կորուստին ցեղասպանութեան ընթացքին։

– «Ղեւոնդեանց Քահանայից Ուխտի Վերարժեւորումը Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակէն ետք» ներկայացուց Արժանապատիւ Տ. Զարեհ Աւագ Քահանայ Զարգարեան։

Վերոյիշեալ խմբային քննարկումներէն ետք բոլոր մասնակից հոգեւորականները ներկայացուցին այլազան առաջարկներ, հայցելով որ առաջընթաց ունենայ Գանատայի միջ-եկեղեցական երկխօսութիւնը։ Ապա Բարձրաշնորհ Տ. Սուրէն Արքեպիսկոպոս Գաթարոյեանը եւ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը Իրենց եզրափակիչ խօսքին մէջ անդրադարձան թէ նման հանդիպումները անհրաժեշտ են՝ ի նպաստ հայ հոգեւորականներու միասնութեան, եւ կոչ ուղեցին որ այս հաւաքները դառնան աւանդութիւն տարեկան դրոյթով ու նախօրօք քննարկուին օրակարգերը։ Առ այդ յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Թորոնթոյի Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիէն ներս։

Խմբային քննարկումներէն ետք տեղի ունեցաւ Հսկումի արարողութիւն ուր հոգեւորականները ներկայ գտնուեցան եւ Վերապատուելի Աւետիս Զարիֆեան, Թեսաղոնիկեցւոց 3.1-2-ի նամակին վերաբերեալ քարոզ մը մատուցեց, ապա բոլոր մասնակիցները ներկայ գտնուեցան Երէցկին Մարինէ Զուլոեանի գեղարուեստական արուեստանոցի երեխաներու ստեղծագործութիւններու գեղանկարչական ցուցահանդէս-մրցոյթին։