Գանատայի Խորհրդարանի կողմէ, Ապրիլ 24-ին, միաձայնութեամբ ընդունուած M-587 առաջարկը, Ապրիլ 24-ը Գանատայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակելու մասին, Ցեղասպանութեան տարեդարձի օրն իսկ Գանատայի Խորհրդարանին կատարած պատմական այս նշանակալից որոշման առիթով, Գանատահայոց Առաջնորդ Գեր. Տէր Աբգար Եպս. Յովակիմեան, յանուն հոգեւոր դասին եւ բազմահազար, եկեղեցւոյ հաւատացեալ անդամներուն անունով, խոր գնահատանքի իր խօսքը ուղարկած է Խորհրդարանի պատկառելի պատգամախօս Անտրիւ Շըիրին եւ բանաձեվը արաչարկոը Խորհրդարանի անդամ Փրետ Փաթին:

Իր նամակին մէջ Առաջնորդ Սրբազան հայրը հաստատեց թէ հայոց դէմ 1915-ին կատարուած Ցեղասպանութիւնը համայն մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիր մըն էր: Գանատան իր բռնած գովելի այս դիրքով անգամ մը եւս ցոյց տուաւ հետեւողականօրէն, տարիներու ընթացքին մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան ի խնդիր կատարած դերը: Այսպիսով երբ Ապրիլ 24-ը այսուհետեւ Գանատայի մէջ կը նշանակուի Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Օր, միւս ցեղասպանութեանց յիշատակութեան օրերու շարքին, Գանատայի Խորհրդարանը կարեւոր չափով իր բաժինը կը բերէ կանխելու նման անմարդկային արարքներու գործադրութիւնը աշխարհի միւս համայնքներուն դէմ եւս: Գանատան անգամ մը եւս կ’առնէ օրինակելի կեցուածք մը որուն պարտին հետեւիլ քաղաքակիրթ աշխարհի միւս պետութիւնները որպէսզի յարգուին եւ պաշտպանուին մարդկային իրաւունքները աշխարհի բոլոր մարդկանց համար:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ մատնանշեց Գանատահայոց նախաձեռնած բազմաթիւ կարեւոր ձեռնարկները պատմական այս առիթով: Ան նաեւ սրտբաց հրաւէր ուղղեց Խորհրդարանի պատկառելի ընտրեալ անդամներուն այցելելու Հայոց Առաջնորդարանի Կեդրոնատեղին: