ԱՄԱՌՆԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Յայտարարութեան թուական՝ 25 Ապրիլ 2019
Դիմումները կատարել մինչեւ՝ 31 Մայիս 2019
Աշխատանքային ժամկէտ՝ 8 Շաբաթ (ամբողջական ժամկէտով)

Գանատահայոց Թեմը՝ աջակցութեամբ Գանատայի Կառավարութեան, կը յայտարարէ, որ «Canada Summer Jobs» ծրագրի շրջանակէն ներս, ամառնային աշխատանքի պիտի ընդունուին 3 ուսանողներ։

Դիմում կատարող թեկնածուն պէտք է ունենայ հետեւեալ կարողութիւնները.-
– Թեկնածուն աշխատանքի ընդունման համար պէտք է ըլլայ 15-30 տարեկան:
– Թեկնածուն պէտք է ըլլայ Գանատացի, մշտական բնակիչ, կամ անձ մը, որուն շնորհուած է փախստականներու պաշտպանութեան հաստատագիր, Ներգաղթի եւ Փախստականներու Պաշտպանութեան Օրէնքին կողմէ:
– Օրինականօրէն իրաւասու պէտք է ըլլայ աշխատանքի, համաձայն՝ նահանգային պատշաճ օրէնքներուն:
– Աշխատանքի ընդունուած թեկնածուն պիտի աշխատի 35 ժամ իւրաքանչիւր շաբաթ, 8 շաբաթ տեւողութեամբ:

Պարտականութիւնները.-
Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդարանի յարկէն ներս աշխատող ուսանողներու պարտականութիւնները պիտի ըլլան.-
– Տեղեկութիւններ հաւաքել ու մշակել։
– Ուսումնասիրել համայնքի կարիքներն ու հնարաւորութիւնները։

Պայմանները.-
– Պահանջուած է Հայերէնի ու Անգլերէնի բանաւոր հաղորդակցութիւն վարելու կարողութիւն: Ֆրանսէրէնի իմացութիւնը առաւելութիւն է:
– Համակարգիչ գործածելու, համացանցէն հետազօտութիւններ մշակելու, Microsoft Word եւ Excel ծրագիրներով աշխատելու կարողութիւն։
– Հաղորդակցութեան կատարեալ կարողութիւն։

Դիմելու համար.-
Ձեր կենսագրութիւնը ուղարկել հետեւեալ հասցէին contact@armenianchurch.ca եւ նշել ձեր աշխատանք ունենալու հետաքրքրութեան պատճառը։