ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

heading decoration

Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը Թեմի գերագոյն մարմինն է Թեմակալ Առաջնորդին նախագահութեան ներքոյ, եւ կը վերահսկէ ու կը հակակշռէ իր իրաւասութեան տակ գտնուող եկեղեցական-վարչական բոլոր մարմինները, եւ կը մնայ գերագոյն իրաւասութեան ներքեւ Ամենայն Հայոց Հայրապետի, որ ի Ս. Էջմիածին:

Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը մնայուն մարմին մըն է եւ կը կազմուի ընտրուած աշխարհական պատգամաւորներէ, Ծխական Խորհուրդներու ատենապետներէ՝ եւ Թեմի բոլոր հոգեւորականներէն:

Իւրաքանչիւր ծուխ իրաւունք ունի՝ իր անդամներու թիւին համեմատ աշխարհական պատգամաւորներ ունենալ Թեմական Պատգամաւորական Ժողովին մէջ, երեք տարուայ շրջանի մը համար։

Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը կը գումարուի ամէն տարի Մայիսի վերջի շաբաթավերջին, բացի այն պարագայէն, երբ այլապէս կ’որոշուի Թեմական Պատգամաւորական Ժողովի նախընթաց նիստին: