18 Յունիս, 2017-ին, Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի առիթով, Գանատահայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց, իրեն առընթերակայ ունենալով հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Եղիայ Աւագ Քահանայ Քերվանճեանն ու սարկաւագաց դասը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին ու օրուան առիթի կապակցութեամբ՝ Սրբազան Հայրն օրհնեց բոլոր անոնց, որոնք Գրիգոր անունը կը կրեն, ինչպէս եւ կատարուեցաւ եկեղեցւոյ մուտքին՝ Տէր եւ Տիկին Գրիգոր եւ Ռոզ Տիգրանեաններուն նուիրուած յուշարձանի բացման արարողութիւնը, որմէ ետք եկեղեցւոյս անուան օրուայ առիթով, Ծխական Խորհուրդի կողմէն կազմակերպուած մատաղի ճաշ մատակարարուեցաւ։

Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնի օրին, ամբողջ աշխարհի հայերը կը նշեն 303 թուականին Մայր Տաճար Սուրբ Էջմիածնի կառուցումը, ուր կը գտնուի Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռը։

Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի ձեռքով Հայոց Տրդատ Գ Թագաւորի Քրիստոնէութիւնն ընդունելէն անմիջապէս յետոյ սկեսեցան տաճարի շինարարական գործերը։ 301 թուականին Թագաւորի հրամանով Քրիստոնէութիւնը Հայոց աշխարհի պետական կրօնքը յայտարարուեցաւ, հետեւաբար Հայաստանը դարձաւ աշխարհի առաջին երկիրը, որ Քրիստոնէութիւնն ընդունեց, որպէս պետական պաշտօնական կրօնք։

303 թուականին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ տեսիլք ունեցաւ, ուր Միածինը, Յիսուս Քրիստոսը շրջապատուած հրաշափառ լոյսով, երկինքէն իջաւ ու ոսկիէ մուրճով զարկաւ Սանդարամետի գետնափոր մեհեանը՝ ցոյց տալով այն տեղը, ուր պիտի կառուցուի Սուրբ եկեղեցին։ Ուստի, այս պատճառով ալ եկեղեցին կոչուեցաւ Էջմիածին, որ բառացիօրէն կը նշանակէ Միածինը իջաւ (Էջ-Միածին)։

Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր ու վարչական կեդրոն կը հանդիսանայ Սուրբ Էջմիածինը, հետեւաբար Ան կը կոչուի Մայր Աթոռ։