Մարտ 17 2016-ին Գանատայի մոտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազոր Դեսպան Արմէն Եկանեանը եւ Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանը հանդիպում ունեցան Գանատայի Զինուած ոյժերու գլխաւոր հոգևոր Առաջնորդ (կապելան), ժեներալ-բրիգադիր Գի Շապտելէնիի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան տարբեր ոլորտներու հայ-գանատական հարաբերութիւններուն առնչուող հարցերերու լայն շրջանակ:
Կողմերն անդրադարձան հայ-գանատական արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան միջազգային հարթակներու վրայ, այդ հերթին էր Ֆրանկոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան շրջանակներուն, ինչպէս նաև Հայաստանի մասնակցութիւնը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ իրականացուող խաղաղապահ առաքելութիւններուն:
Դեսպան Եկանեանն ու Աբգար Սրբազանը պարոն Շապտելէնին ներկայացուցին ՀՀ Զինուած ուժերուն գործող հոգևոր առաջնորդութեան ծառաութիւնը` մեծապէս կարևորելով վերջինիս դերը զինուած ոյժերու բարոյահոգեբանական իրավիճակին վրայ ունեցած ազդեցութեան տեսանկիւնէն: Միտքեր փոխանակուեցան երկու երկիրներու զինուած ոյժերու հոգևոր ծառայութիւններու միջև համագործակցութեան և փորձի փոխանակումին վերաբերեալ: Երկուստեք պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ ուսումնասիրել փոխգործակցութեան, այդ հերթին փոխ-այցելութիւններու հնարաւորութիւնը: