Գանատահայոց Թեմի 33-րդ Տարեկան Թեմական Պատգամաւորական ժողովը կայացաւ Մայիս 27-28, 2016-ի շաբաթավերջին, հիւրընկալութեամբ՝ Լաւալի Ս. Խաչ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, նախագահութեամբ՝ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեանի, Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի եւ ատենապետութեամբ՝ Տիար Ժագ Ստեփանեանի (Թեմական Խորհուրդի նախկին ատենապետ): Սոյն ժողովին մաս կազմեցին համայն Գանատայի ծուխերէն ներկայացուցիչ պատգամաւորներ՝ Վանքուվրէն մինչեւ Մոնթրէալ։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողոկոս, Գանատայի Վարչապետ՝ Տիար Ճասթին Թրուտո, Քէպէքի Նահանգի Վարչապետ՝ Տիար Ֆիլիպ Քուիլարտ, Լաւալի Քաղաքապետ՝ Տիար Մարք Տեմերս, յատուկ ուղերձներով՝ իրենց օրհնութիւնն ու յաջողութեան բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Թեմական Խորհուրդին։

Ժողովը սկիզբ առաւ Թեմիս հոգեւորականներու խորհրդակցութիւններով։ Համայն Գանատայի մէկ ափէն միւսը՝ հոգեւորակնները հաւաքուած էին գնահատելու եւ քննարկելու տարբեր հարցեր, ծուխերու յառաջընթացի հետ առնչուող։

Յաջորդ օրը, պատգամաւորները այցելեցին բարերարի կողմէ՝ ձեռք բերուած կառոյց մը, որ նախատեսուած է նուիրուելու Գանատահայոց Թեմին եւ վերածուելու Հայց. Առաք. Եկեղեցիի։

Ժողովի ընթացքին՝ Սրբազան Հօր, Թեմական Խորհուրդի, Մշտական Հիմնադրամի, Հոգաբարձութեան Խորհուրդի, Ընտրողական եւ Հաշուեքննիչ Յանձնախումբերու, Թեմական Ծառայութիւններու՝ (Տիկնանց Կեդրոնական Խորհուրդ, Գանատահայ Երիտասարդաց Առաքելութիւն Դէպի Հայաստան, Հիմնադրամ Հայաստանի Երեխաներու, Հայ Գանատական Կատարողական Արուեստի Միութիւն եւ Արարատ Ամառնային Ճամբար), եւ Դիւանապետի Գրասենեակի՝ տարեկան տեղեկագրերը յանձուեցան պատգամաւորներու ուշադրութեան։ Առաջարկուեցան Համապատասխան բանաձեւեր, որոնք եւ հաստատուեցան։

Սրբազան Հայրը ներկայացուց մանրամասնեալ տեղեկագիր մը, անդրադառնալով Թեմական նոր ծրագիրներուն եւ ներկայացուց Թեմիս Տարեգիրքը։ Գերշ. Սրբազան Հայրը՝ յատուկ կարեւորեց Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Ապրիլեան Նահատակներուն Սրբադասումն ու Միւռոնի Օրհնութիւնը։

Ժողովի ընթացքին՝ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա Քհնյ. Զարգարեան նշանակուեցաւ Գանատահայոց Թեմի Փոխ-Առաջնորդ։

Թեմական Ժողովի օրակարգերու հիմնահարցերէն մէկն էր, Թեմիս Կանոնադրութեան փոփոխութիւնները, որոնք քննարկուեցան եւ հաստատուեցան պատգամաւորներուն կողմէ։

Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Միրզախանեան վերընտրուեցաւ Թեմական Խորհուրդի անդամ, որպէս հոգեւոր դասի ներկայացուցիչ, իսկ Տիարք՝ Անդրանիկ Շիրինեան, Արամ Իսնար եւ Ժիրայր Տոլար ընտրուեցան իբրեւ աշխարհական անդամներ Թեմիս գերագոյն Գործադիր Մարմնին։

Շաբաթ օր, երեկոյեան, Լաւալի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թեմական Խորհուրդը կազմակերպած էր ընդունելութիւն, ի պատիւ ժողովի մասնակիցներուն։

Թեմական գործունէութիւններու թափանցիկութեան նպաստելու համար, Սրբազան Հօր հրաւէրով, ժողովին հրաւիրուած էին նաեւ՝ հայկական միութիւններէ եւ քաղաքական կուսակցութիւններէ ղեկավարներ։

Սեղմել այստեղ կարդալու համար 2015 թուականի Թեմական Տարեգիրք

Սեղմել այստեղ կարդալու համար պատգամը Գանատայի Վարչապետ՝ Նորին Գերազանցութիւն Պրն. Ճասթըն Թրուտոյի

Սեղմել այստեղ կարդալու համար պատգամը Քէպէքի Նահանգապետ՝ Պրն. Ֆիլիփ Քուիեարի

Սեղմել այստեղ կարդալու համար պատգամը Լաւալի Քաղաքապետ՝ Վսեմաշուք Պրն. Մարգ Տէմէրսի

https://www.youtube.com/watch?v=ueqeTpy5JEw