Երկուշաբթի Մարտ 23, 2015թ.-ի , Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան այցելեց Թորոնթոյի քաղաքապետ Տիար Ճոն Թորիին։

Հանդիպումի ընթացքին քաղաքապետ Թորի եւ Սրբազան Աբգար Եպս. Յովակիմեան բարձր գնահատեցին Թորոնթոյի հայութեան գործունեայ մասնակցութիւնը, քաղաքի, եկեղեցական եւ համայնքային զանազան նախաձեռնութիւններուն մէջ։

Սրբազան Հայրն ու Քաղաքապետը զիրար փոխանակեցին խորհրդանշական նուէրներ, ապա Սրբազան Հայրը հրաւիրուեցաւ որ քաղաքապետարանի այցելուներու յուշամատեանին մէջ արձանագրէ իր տպաւորութիւնները։

Քաղաքապետ Թորի, հաստատեց իր մասնակցութիւնը Ապրիլ 19-ի, 2015թ., Թորոնթոյի Մետրոպոլիտան Յոյնայթեդ Եկեղեցիին մէջ կազմակերպուող միջեկեղեցական աղօթքին, նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին։

Առաջնորդին ընկերակցող հայ պատուիրակութիւնը կ՚ընդգրկէր Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեանը, Արմէն-Օնթարիոյի Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան նախագահ՝ Տիար Պարրի Պերճ Փափազեանը, Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Տիար Օհան Օհաննէսեանը, Թեմական Խորհուրդի Փոխ-Ատենապետուհի Տիկին Աբեթ Ալբայ, Թորոնթոյի Հայկական Ազգային Կոմիտէի անդամ Տիար Յարութ Մանուկեանը, Առաջնորդի օգնական՝ Տիար Լեւոն Իսախանեանը։

Սրբազան Աբգար Եպս. Յովակիմեան, վասն պատուիրակութեան եւ հասարակութեան՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Թորոնթոյի քաղաքապետարանի ցուցաբերած շարունակական հոգատարութեան համար։